2014-04-01 09:33:41

Ապրիլ 2014-ի` Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները։


Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները որ ընդհանրապէս ստորաբաժանուած են ''ընդհանրական եւ միսիոնարական'' աղօթքի դիտաւորութիւններու, 2014-էն սկսեալ ստանձնեցին ''տիեզերական'' եւ ''աւետարանացումի'' խորագիր կրող աղօթքի դիտաւորութիւններ, շեշտը դնելու համար աղօթքի կեդրոնականութեան եւ վերարծարծելու 2012-ի նոր աւետարանութեան մասին տեղի ունեցած սիւնհոդոսի կարեւորութիւնը։
2014-ի Ապրիլ ամսուայ որպէս աղօթքի դիտաւորութիւն ընտրուած է.

Որպէս ''Տիեզերական'' աղօթքի դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի կառավարիչները աշխատին արարչագործութեան պահպանումի եւ բնական հարստութիւններու եւ բարիքներու հաւասար բաշխումին ի խնդիր''։

Իսկ որպէս ''աւետարանութեան'' դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի Յարուցեալ Տէրը յոյսով լիացնէ սրտերն անոնց որ ցաւէ եւ հիւանդութենէ կը տառապին''







All the contents on this site are copyrighted ©.